ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը. ամառնային ծրագիրներ եւ կարեւոր իրադարձութիւններ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) նպաստեց ամառնային տարբեր ծրագիրներու իրականացման, որոնցմէ նշենք ՀԲԸՄ-ի «Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիր»ը (GLP) եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն»ը:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կրթական մարզի մէջ իր ունեցած հարուստ փորձառութեան շնորհիւ կրցաւ համախմբել սփիւռքահայ երիտասարդները, իրագործելով բազմաբնոյթ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ: