ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը միացած է «405 կրթական դաշինք» ին. Հայաստանի կրթութեան տեսլականի համընկնում
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը միացած է «405 կրթական դաշինք»ին: Հիմնադիր տարբեր մարմիններու համախմբումով կազմուած դաշինքը կը միտի բարեփոխել Հայաստանի կրթական ոլորտը՝ նորարար լուծումներով:
Դաշինքի անուան հիմքը 405 թուականն է՝ հայոց այբուբենի ստեղծման թուականը: Այնպէս ինչպէս գիրերու գիւտը կրցաւ միաւորել հայ ժողովուրդը՝ ազգային եւ մշակութային գետնի վրայ, նորաստեղծ դաշինքն ալ կը ձգտի կրթութեան միջոցով նպաստել ազգային ինքնութեան ամրապնդման:
Այս նոր համագործակցութեան նպատակն է ապահովել ժամանակակից ճարտարագիտութեան եւ հետազօտութեան վրայ հիմնուած նորարար, մատչելի եւ բարձրորակ ուսուցում՝ ուսումնական մակարդակը բարձրացնելու հեռանկարով: «405 կրթական դաշինք»ը կ'ուզէ նոր սերունդը զինել անհրաժեշտ հմտութիւններով եւ մտածելակերպով:
Դաշինքի ուշադրութեան կեդրոնն է կրթական քաղաքականութեան բարելաւումը եւ Հայաստանի կրթական համակարգի հիմնական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հանրային իրազեկուածութեան ապահովումը: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը իր աշխոյժ մասնակցութեամբ կը նպաստէ նպատակներու իրականացման եւ կը ձգտի համաշխարհային մակարդակով մրցունակ եւ նորարար կրթական միջավայր ստեղծել: