Երիտասարդ ճատրակասէրներու տօն. ճատրակի համահայկական ճամբար-մրցաշարքը ամփոփեց 5-րդ յոբելենական մրցաշարքը
Ճատրակի համահայկական 5-րդ ճամբար-մրցաշարքը ամփոփեց իր յոբելենական մրցաշարքը Նոյեմբեր 2-ին, առցանց հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Ճամբար-մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 6-31։ Առցանց մրցաշարքին նախորդեց երկշաբաթեայ ճամբար, որուն ընթացքին մասնակիցները հետեւեցան մասնագիտական տեսադասերուն, խաղերու վերլուծութեան, առաւել՝ Հայաստանի առաջատար ճատրակորդներու մասնակցութեամբ խաղերուն միանալու առիթն ունեցան:
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) եւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ 2020-ին սկիզբ առած Ճատրակի համահայկական ճամբար-մրցաշարքը տարիներու ընթացքին ձեւաւորեց ճատրակասէրներու համայնք մը՝ համախմբելով մօտաւորապէս 1300 հայ պատանի աւելի քանի 50 երկրէ: Այսպիսով ճամբար-մրցաշարքը կրցաւ նպաստել հաղորդակցման, ճատրակի կրթութեան զարգացման եւ տարածման։
2025-ի ճամբար-մրցաշարքի փակման առցանց ձեռնարկին ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, ՖԻԴԵ-ի «Ճատրակը կրթութեան մէջ» յանձնաժողովի նախագահ ճատրակորդ Սմբատ Լպուտեան, Զուիցերիոյ ճատրակի ֆետերացիայի նախագահ, ՖԻԴԵ-ի սոցիալական յանձնաժողովի նախագահ Անտրէ Վէոկթլին, աշխարհահռչակ ճատրակորդ Արթուր Եուսուփով, ճատրակի ախոյեաններ, ճատրակորդներ եւ մրցանքի մասնակիցներ։
ՀԲԸՄ փոխնախագահ եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ զարգացած եւ բանիմաց երիտասարդներ պատրաստելը միշտ եղած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան հիմնական նպատակը...